Օնթարիոյի խորհրդարանին մէջ յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 101-ամեակը
Tuesday, June 4, 201929 Մայիս 2019-ին, միջօրէի ժամը 12։00-ին, Գանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի շէնքին մուտքին ծածանեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը եւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 101-ամեակի յիշատակման արարողութիւն, որուն ներկայ էին ԳանատայիԲնապահպանութեան նախարար Ռոտ Ֆիլիփս, խորհրդարանի փոխ նախագահ Ռիգ Նիգըլս, Օնթարիօնահանգի երեսփոխաններ՝ Վինսընթ Քը (Don Valley North), Արիս Պապիկեան (Scarborough-Agincourt), Շէրիֆ Սապաուէյի (Mississauga Erin Mills), Լոկան Գանաբաթի (Markham-Thornhill), Պիլի Փանկ (Markham-Unionville), Ռոման Պէյպըր (York Centre), Տակ Տաունի (Barrie-Springwater-Oro-Medonte), Ռուտի Քուզէթօ (Mississauga-Lakeshore), Սթէֆըն Լէջէ (King-Vaughan), Թամ Ռաքօչեվիչ (Humber River-Black Creek ),Մայքըլ Գութօ (Don Valley East), Միթծէ Հանտըր (Scarborough-Guildwood), Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդական փոխանորդՀոգշ. Տէր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Գերպ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան, ՀՕՄ–ի Ամէնօրեայ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ, Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Հայ Գործարարներու Միութեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի, պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, եւ համակիրներ:
Յիշատակման հաւաքը սկսաւ Հոգշ. Տէր Գեղարդ եւ Գերպ. Հ. Եղիա վարդապետներուն կողմէ դրօշակի օրհնութեամբ, որմէ ետք «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ եռագոյն դրօշը բարձրացաւ Օնթարիօ նահանգային խորհրդարանի շէնքին մուտքին։
Խօսք առաւ խորհրդարանի փոխ նախագահ Ռիգ Նիգըլս, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա շնորհաւորեց խորհրդարանի ներկայ անդամներն ու հայ համայնքը: Օնթարիոյի վարչապետ Տակ Ֆորտի խօսքը արտասանեց նախարար Ռոտ ֆիլիփս, որ նաեւ իր շնորհաւորական մաղթանքները փոխանցեցՀայաստանի անկախութեան օրուան առիթով եւ գնահատեց Օնթարիոյի հայ համայնքի մասնակցութիւնը Գանատայի ընկերային-տնտեսական զարգացման բնագաւառին։
Խորհրդարանի նիստին ընթացքին խօսք առաւ Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան Արիս Պապիկեան եւ խորհրդարանի անդամները հրաւիրեց ոգեկոչելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 101-ամեակը։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 4։00-ին Խորհրդարանի ընդունելութեան սրահին մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ էին մեծ թիւով հայրենակիցներ, որուն ընթացքին ՀՀ պատուոյ հիպատոս տիար Վան (Վարուժան) Լափոյեան իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը գոյատեւեց՝ շնորհիւ իր զօրաւոր կամքին։ Այլ ազգեր փորձեցին ոչնչացնել մեր ազգը, սակայն չյաջողեցան։
Երեսփոխան Պապիկեան եւս խօսք առնելով անդրադաձաւ հայ ժողովուրդի վեց հարիւր տարուան պատմութուեան ընթացքին ապրած ճգնաժամային օրերուն, ապա անդրադարձաւ 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացման եւ վեր առաւ ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Գանատայի եւ Օնթարիօ նահանգի պատմական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւՕնթարիոյի հայ համայնքին տրամադրած օժանդակութիւններուն՝ ի մասնաւորի ցեղասպանութեան եւերկրաշարժի աղիտալի տարիներուն։
Աւարտին երեսփոխան Պապիկեան դիտել տուաւ, որ Օնթարիօ նահանգի հայ համայնքը տեւական ներկայութիւն եղած է եւ իր ներդրումը բերած՝ Օնթարիոյի կեանքի այլազան բնագաւառներու զարգացման։
https://horizonweekly.ca/en/%D6%85%D5%B6%D5%A9%D5%A1%D6%80%D5%AB%D5%B8%D5%B5%D5%AB-%D5%AD%D5%B8%D6%80%D5%B0%D6%80%D5%A4%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%AB%D5%B6-%D5%B4%D5%A7%D5%BB-%D5%B5%D5%AB%D5%B7%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D5%AF%D5%B8/