Նիկոլ Փաշինեան Եռաբլուրի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուած Հերոսներու Յիշատակին
Tuesday, April 2, 2019
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարար Միրզոյեան, կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, բարձրաստիճան զինուորականներ Ապրիլ 2-ին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ անձնուիրաբար զոհուած հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ խոնարհած անոնց շիրիմներուն:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորներու կողմէ մատուցուած է հոգեհանգստի արարողութիւն:
Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան ծաղիկներ խոնարհած են նաեւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրահրամանատար, պետական գործիչ Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն: Ծաղկեպասակ դրուած է նաեւ Անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին:
https://horizonweekly.ca/en/%D5%B6%D5%AB%D5%AF%D5%B8%D5%AC-%D6%83%D5%A1%D5%B7%D5%AB%D5%B6%D5%A5%D5%A1%D5%B6-%D5%A5%D5%BC%D5%A1%D5%A2%D5%AC%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%AB-%D5%B4%D5%A7%D5%BB-%D5%B5%D5%A1%D6%80%D5%A3%D5%A1%D5%B6%D6%84/