Կոմիտասն ու ֆրանսացի իր ժամանակակիցները
Wednesday, July 31, 2019Խօսքը կը վերաբերի Քլոտ Տէպիւսէի եւ Մորիս Ռավէլի նման հսկաներու, որոնց արուեստը պիտի ներկայացուի Մեծն Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն զուգահեռ՝ նոյն հարթակին վրայ: Մշակութային առումով մեզի համար խի՛ստ անհրաժեշտ միջոցառում մըն է այս մէկը, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 28-ի երեկոյեան, Փարիզի նոյն անունը կրող հրապարակին վրայ գտնուող «La Madeleine» տաճարին մէջ, հովանաւորութեամբ Փարիզի քաղաքապետուհի Anne Hidalgo-ի եւ կատարողութեամբ «Ensemble 2e2 m» ֆրանսական դասական նուագախումբին: Իսկ երաժշտական մշակումն ու գործիքաւորումը իրագործած է գանատահայ յայտնի երգահան Պետրոս Շուժունեան: Ահաւասիկ ձեռնարկ մը, որ իր իսկական նպատակին ծառայելու գեղարուեստական ուժն ու միջազգային վարկ եւ հեղինակութիւն ստեղծելու անհրաժեշտ տուեալները կը պարունակէ իր մէջ:
Այս յատկանշական ձեռնարկին մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար մեր ընթերցողներուն, ստորեւ կու տանք երգահան եւ երաժշտագէտ Պետրոս Շուժունեանի այս առիթով գրած բացատրական յօդուածը ամբողջութեամբ:
Մ.Ծ.
Բացառիկ յարգանք եւ ուրոյն կապուածութիւն ունին Կոմիտասի հետ բոլոր այն հայ երաժիշտները, որոնց երաժշտական զգացողութիւնը կը բխի մեր ազգային հոգեւոր արմատներէն ու կը տարածուի համամարդկային հարթակներու վրայ: Ատիկա կու գայ անկէ, որ ան եղաւ այն ռահվիրան, որ ոչ միայն ի մի բերաւ այլ նաեւ յարութիւն տուաւ մեր ազգային ժողովրդական Երգ ու Բանի ոգեղէն արտայայտութեան: Իր խիստ մասնագիտական եւ բծախնդիր հետազօտական աշխատանքը բացայայտեց մեր երաժշտութեան իւրայատկութիւնն ու ցեղային պատկանելիութիւնը, որուն հիման վրայ ձեւաւորուեցաւ մերօրեայ համաշխարհայնօրէն մրցունակ «Հայ Երաժշտութիւնը»:
Այս մէկը արդէն կը բաւէ, որ մենք պաշտենք Մեծն Կոմիտասը՝ իբրեւ «Հայ Երգի ու Բանի Փրկիչ»:
Այս բոլորին զուգահեռ, մենք՝ որպէս մասնագէտ երաժիշտներ, իր ստեղծագործական ժառանգին պարտաւոր ենք վերաբերելու յատուկ խնամքով եւ մեծ զգուշութեամբ, որպէսզի կարողանանք առաւելագոյն չափով պահել անոր հարազատութիւնը, ըմբռնելու եւ մեկնաբանելու զայն, թէկուզ՝ մեր ստեղծագարծական ուժերու ներածին չափով:
Հարցը այն է, թէ Կոմիտաս մեկնաբանելու ժամանակ պէտք չէ նմանցնենք կամ բաղդատենք զայն այլ երգահաններու մեկնաբանական արուեստին հետ: Պէտք է ընենք ամէն ինչ, որպէսզի Կոմիտասը մնայ իրեն հարազատ ոլորտներու մէջ, եւ երաժշտական մեկնաբանութիւնը հնչէ զուտ «Կոմիտասական»: Այս պարագային, արդէն ես ինծի հարց կու տամ, թէ իր ստեղծագործական միտքը ինչպէ՞ս ձեւաւորուած է, ի՞նչ զարգացման փուլերէ անցած է, ի՞նչ լսած է եւ ի՞նչ լսել կու տայ մեզի: Այս հարցումներուն պատասխանը գտնելու համար հարկ է լսել անոր ստեղծագործութիւնները՝ այն օրերու երաժշտական իր լեզուամտածողութեան զուգահեռ, եւ կ’ունենանք յստակ պատկերացում, թէ ստեղծագործական ինչպիսի՞ փորձառութիւններէ եւ փորձութիւններէ անցած է ան:
Իրականացնելով համերգային ծրագիր մը, կողք կողքի ներկայացնելով իր ժամանակի երգահաններու, Տէպիւսէի եւ Ռավէլի նման հսկաներու յօրինումները, իրազեկ կ’ըլլանք, որ ան կրցած է քայլ պահել իր օրերու ստեղծագործական մտքին հետ, զոր յայտնաբերած էր Եւրոպայի տարածքին:
Ատիկա իրաւունք կու տայ մեզի եզրակացնելու, թէ ան հայ երաժշտութեան վերակենդանացնող շարժիչ ուժը ըլլալով հանդերձ, կրցած է իւրացնել նաեւ այդ օրերու ստեղծագործական մտածելակերպի ոգին:
Ցաւօք ան առիթ չունեցաւ ընդլայնելու իր ստեղծագործական գրադարանն ու իր երաժշտական մտահորիզոնը, բաւարարուեցաւ երգային արուեստի տպաւորիչ ժառանգութեամբ եւ դաշնամուրային սահմանափակ երգացանկով:
Մի՛շտ պահանջքը զգացած ենք ունկնդրելու իր գործերը աւելի լայն եւ համապարփակ երաժշտական ձեւաւորումներով: Եթէ Կոմիտաս ունենար բաւարար ժամանակ եւ հնարաւորութիւն, անպայման աւելի բազմաժանր գործիքաւորումներով ստեղծագործութիւններ կ’աւանդէր մեզի:
Յաճախ ներկայ կ’ըլլանք համերգային ծրագրերու, որոնց ընթացքին Կոմիտասը կը հնչէ նոր գործիքաւորումներով, որոնք սակայն մեզի կը շարունակեն յուզել եւ մնալ կապուած իր ներազդեցիկ երաժշտութեան: Այս մտորումներէն մեկնելով ես կ’ուզէի մէկ համերգային ծրագրի մէջ ներկայացնել Կոմիտասի եւ ֆրանսացի իր ժամանակակից երգահաններու ստեղծագործական կապը. եւ զգալ 20-րդ դարու նոր երաժշտական մտքի զարգացման ու ներշնչուածութեան յատկանիշները:
Այո՛, Կոմիտասը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ լայնամտօրէն մօտեցած էր այս երեւոյթին եւ հպարտութեամբ կարող ենք ըմբոշխնել Ռավէլ, Տէպիւսէյ եւ Կոմիտաս կողք կողքի եւ միաժամանակ:
Առաւե՛լ կ’իրագործենք նոյնանման գործիքաւորում ու կը զզանք Կոմիտասի եւ ֆրանսացի այդ հրաշալի երաժիշտներուն մեջեւ նոյնացած ընդհանուր գիծը, զոր կ’ընձեռէ մեզի կոմիտասեան արուեստի գնահատման եւրոպական արժեչափը :
Անշո՛ւշտ, պէտք է նշել, թէ Փարիզը այն վայրերէն մեկն էր, ուր Կոմիտաս կը զգար եւրոպական երաժշտութեան ֆրանսական մօտեցումը, եւ բնաւ պատահական չէ, որ իր ստեղծագործութիւններուն վրայ ձգած է ներշնչման յստակ հետքեր:
Փարիզի մէջ, գալիք 28 Սեպտեմբերի համերգին ընթացքին պիտի ունկնդրենք նոր գործիքաւորուած կոմիտասեան եւ ֆրանսական յօրինումներ:
Շատ յուզական եւ միաժամանկ յատկանշական ձեռնարկի մը տուեալները ունի այս միջոցառումը: Նախ անոր համար որ առաջին անգամն է նմանօրինակ համերգային ծրագիր մը պիտի իրագործուի նոյնինքն «Լոյսի Քաղաք»ին մէջ եւ ապա, երկրորդը՝ Կոմիտաս արդարօրէն իր պատուանդանը կը գտնէ իր ժամանակի ֆրանսացի մեծագոյն երգահաններու՝ Ռավէլի եւ Տէպիւսէի շարքին:
https://horizonweekly.ca/en/%d5%af%d5%b8%d5%b4%d5%ab%d5%bf%d5%a1%d5%bd%d5%b6-%d5%b8%d6%82-%d6%86%d6%80%d5%a1%d5%b6%d5%bd%d5%a1%d6%81%d5%ab-%d5%ab%d6%80-%d5%aa%d5%a1%d5%b4%d5%a1%d5%b6%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%af%d5%ab%d6%81%d5%b6/